2015-04-21 09:38:00

Կարդինալ Սանտրի` Իսլամ Պետութենէն գլխատուած եթովպացիները նահատակներ են։


(Ռատիօ Վատիկան) ‘’Իսլամ պետութենէն սպաննուած ու գլխատուած քրիստոնեայ 29 ղպտիները ճշմարիտ նահատակներ են։ Անոնք արիութեամբ վկայութիւն տուին իրենց հաւատքին’’,  ըսաւ կարդինալ Սանտրի­, կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին։

Վստահաբար կ’ուզեմ մեծարել անոնց յիշատակը։ Անոնք անվերապահօրէն դիմագրաւեցին մահը հակառակ իսլամ պետութեան ռազմիկներու վայրագութեան։ Կ`ուզեմ պատուել յիշատակը այս նահատակներուն ու իմ հիացումը յայտնել Եթովպիայի զաւակներուն, որոնք քաջ օրէն եւ հրապարակաւ յայտնեցին իրենց յարումը Քրիստոսի - ըսաւ  Կարդինալ Սանտրի որ ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, որպէսզի օգնութեան հասնի Սուրիա, Ւրաք, Եգիպտոս եւ Լիպիա ապրող քրիստոնեայ եղբայրներուն։

Հոս կը բացուի համապատկեր մը մարդկութեան ապագային համար, որ սարսափելի կրնայ ըլլալ։ Անոնք որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ ունին ազգերու ճակատագիրը, թող դադրեցնեն  վայրագութեան ընթացքը ու քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքը։

Իր կարգին, Էրիթերիացի Հայր Զերայ, պատասխանատու ափրիկեցի գաղթականներուն, ընդգծեց. կ’ապրինք ողբերգութիւն մը ողբերգութեան մէջ, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեայ մեր եղբայրները կը հալածուին իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար։ 29 եթովպացիները, որ կը յուսային Եւրոպա գաղթել, առեւանգուեցան ահաբեկիչ խումբերէն ու ծախուեցան իսլամ պետութեան ռազմիկներուն, որոնք իրենց կարգին գլխատեցին զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.